2015-09-11 11:36:00

Հռոմ 1 – 10 սեպտեմբեր 2015` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմի առաջնորդ եւ Արեւմտեան  Եւրոպայի առաքելական այցելու` Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թեյրուզեան այցելելով Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժնի խմբագրութիւնը հետեւեալ տեղեկութիւնները փոխանցեց հայող հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդին։

Արհիապատիւ գերապայծառ Տէրը յայտնեց թէ.

2015-ի սեպտեմբեր 1 – 10, Հռոմի քահանայապետական  Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն  որոնք ժամանած էին Մայր Հայրենիքէն եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համապատարագ։

Սիւնհոդոսական Հայրերը այս առթիւ ունեցան մենաշնորհը համապատարագելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, երկուշաբթի 7 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, ներկայութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ` կարդինալ Լէոնրատօ Սանտրիին ու նշեալ Ժողովի պատասխանատու անդամներուն։ 

Սուրբ Զոհին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց` անցեալ 25 յուլիսին շնորհած ''եկեղեցական հաղորդութիւնը'' Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին, ու այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ  անդրադարձաւ  հայ ազգի քրիստոնէական հաւատքին, հաստատելով թէ ''ան եղած է առաջին քրիստոնեայ ազգը'' որ ունեցած է բիւրաւոր նահատակներ, որոնք հալածուեցան Քրիստոսի իրենց պատկանելիութեան համար, արժանանալով խաչապաշտ ազգի մակդիրին։

''Մեծն Սուրբ Գրիգորի'' շքանշանի պարգեւատրում Փրոֆ Ժան Փիէր Մահէի

Նոյն օրը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ''Մեծն Սուրբ Գրիգորի'' շքանշանով պարգեւատրեց Փրոֆ Ժան Փիէր Մահէն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի գիրքերու եւ գործերու թարգմանութեան տքնաջան եւ երկարատեւ աշխատասիրութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ Տիեզերական եկեղեցին` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց ''Եկեղեցւոյ Վարդապետ'', Վատիկանի մէջ, ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած`  Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած Սուրբ պատարագի ընթացքին, անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին։

Եպիսկոպոսական ընտրութիւններ։

Սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին ժողովական հայրերը  քննարկեցին հայ կաթողիկէ եկեղեցին յուզող բազմազան հարցեր, ներառեալ  հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան թեմերու իրավիճակը։Կատարուեցան ապա եպիսկոպոսական ընտրութիւններ եւ անուանումներ.

- Պէյրութի Պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս ընտրուեցաւ` Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ վրդ. Ասատուրեանը։

- Բարձրագոյն Ատեանի խորհուրդի Ընդհանուր Վարիչ ընտրուեցաւ Արհ Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանը, մինչ Արհ. Գէորգ եպս Խազումեանը եւ Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեանը ընտրուեցան անդամ վերոնշեալ խորհուրդին։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսի անդամներ ընտրուեցան Արհ Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսան, Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեան, Արհ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան եւ Արհ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թեյրուզեան որ նշանակուեցաւ նաեւ Մնայուն Սիւնհոդոսի Քարտուղար։ Փոխանորդ անդամ ընտրուեցաւ` Արհ Լեւոն Եպիսկոպոս Չէքիեանը 

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու հարցն ու գաղթականութիւնը։

Ապա քննարկուեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու հարցը ու յատկապէս հայ կաթողիկէ համայնքներու ապրած դժուար ու անապահով իրավիճակը, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ուր` գործադրուած հալածանքներու բերումով` շատեր ընտրած են գաղթականութեան ճամբան, աւելի լաւ եւ յուսալից կեանքի մը իղձով։

Սիւնհոդոսական Հայրերը յատուկ նիստ յատկացուցին այս կարեւոր նիւթին­, որուն ընթացքին քննարկեցին գաղթական հայ ընտանիքներու կարիքները յոգալու հարցը` ըլլայ հոգեւոր ըլլայ նիւթական գետնի վրայ։

2016-ի Քրաքովիայի երիտասարդութեան համաշխարհային որ

Ի տես յառաջիկայ 2016-ի Յուլիսին Քրաքովիայի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, եպիսկոպոսները որոշեցին քաջալերել հայ կաթողիկէ  թեմերու բոլոր երիտասարդները, իրենց մասնակցութիւնը  բերելու վերոյիշեալ հաւաքին, զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Նիստերու ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ հայ կաթողիկէ իրաւատէր Եկեղեցւոյ իւրայատուկ կանոնագրքի ուսումնասիրութիւնը։

Միջ համայնքային երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն։

Սիւնհոդսական հայրերը ապա քաջալերեցին միջ-համայնքային եւ միջ-եկեղեցական երկխօսութեան ամրապնդումը, յատկապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ։ Այս առընչութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յառաջիկայ օրերուն կը մեկնի Հայաստան մասնակցելու հայ կաթողիկէ աթոռանիստ ''Սրբոց Նահատակաց''  եկեղեցւոյ օծման արարողութեան ու ապա Էջմիածնի մէջ` մասնակցելու Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան։ Հայաստան կեցութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ու Պետական այլ Իշխանութիւններուն հետ։

Սիւնհոդոսական նիստերը փակուեցան 10 սեպտեմբեր 2015-ին, յատուկ արարողութեամբ,  քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի  մէջ:

Յաջորդ սիւնհոդոսը նախատեսուած է  2016-ին` 13 – 21 սեպտեմբեր, Չմառու Տիրամօր Վերափոխման  Մայրավանքին մէջ, Լիբանան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.